2016-04-13 09:33:00

Պապը Վրաստանն ու Ատրպէյճանը կ՛այցելէ որպէս պատգամաբեր`խաղաղութեան ու երկխօսութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Խաղաղութեան ու երկխօսութեան պատգամաբերը'' Կովկասի առաքելական կառավարիչը` գերապայծառ Giuseppe Pasotto այս խօսքերով կը նկարագրէ ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը Վրաստան և Ատրպէյճան` 30 Սեպտեմբերէն 2 Հոկտեմբեր 2016։ Նորին Սրբութիւնը Կովկաս կու գայ քաջութիւն ներշնչելու փոքրամասնութիւն կազմած քրիստոնեայ հասարակութիւններուն։

Ատրպէյճանի կաթողիկէ համայնքը կազմուած է աւելի օտար բանուորներէ քան տեղացիներէ։ Անոնք կը հաշուեն 300էն 400 հաւատացեալ։ Իսլամները կը կազմեն երկրին մեծամասնութիւնը´ 62 առ հարիւր շիիթ եւ 26առ հարիւրը սիւնիդ։ Մինչ Օրթոտոքսները կը կազմեն բնակչութեան 15 տոկոսը։

Վրաստանի մէջ եւս կաթողիկէները փոքրամասնութիւն են, կը հաշուեն շուրջ 50 հազար։ Օրթոտոքսները կը կազմեն երկրին մեծամասնութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը Կովկասը կ´այցելէ հակառակ որ երեք երկիրներու մէջ  կաթողիկէները փոքրաթիւ են։ ֆրանչիսկոս Պապ այդ աշխարհամասին մէջ, կը ներկայանայ որպէս քրիստոնեաները միացնող այցելութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.